2015-06-22 09:39:00

Թորինօ, Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն` Հակահոսանք ընթացէք։


(Ռատիօ Վատիկան) 21 եւ 22 յունիսին, Թորինօ կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, կիրակի` 21 յունիսի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապը, Թորինյի ''Փիացցա Տելլա Վիթթորիա - Յաղթանակ'' հրապարակին վրայ, հանդիպում ունեցաւ քաղաքի երիտասարդութեան հետ, եզրափակելով Թորինօ կատարած հովուական այցելութեան առաջին օրուան յայտագիրը։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ երկու երիտասարդներու արտասանած բարի գալուստի ողջոյնի խօսքով ապա տեղի ունեցաւ Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան խաչին ներկայացումը եւ Երիտասարդներու ''Ամենամեծ սէրը'' տաղին կատարողութիւնը որուն աւարտին ընթերցումը կատարուեցաւ Յովհաննէսի աւետարանէն քաղուած սիրոյ մասին գրային հատուածին  ու ապա երեք երիտասարդներ հարցումներ ուղղեցին Ֆրանչիսկոս Պապին։ Հաւաքը վերջ գտաւ Սրբազան Քահանայապետին արտասանած աղօթքով ու անոր շնորհած օրհնութեամբ։

Երիտասարդներու հարցումներուն պատասխանելով Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Աստուծոյ խորագոյն Սիրոյ մասին` որ մեզի տրուեցաւ Յիսուսի միջոցաւ։ Ան – ըսաւ Սրբազան Հայրը – մեզի ցոյց կու տայ թէ ուր կրնայ հասնիլ սէրը` մինչեւ ամբողջական անձնուիրում, ու հրաւիրեց երիտասարդները հետեւելու այդ սիրոյ ուղիին` հոգ տանելով կարիքաւորին։

Իր սրտաբուխ խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը խրախուսեց երիտասարդները հակահոսանք ընթանալու` լիապէս ապրելով կեանքը եւ ոչ թէ մելամաղձոտ էութիւն մը ունենալով, ինչպէս կ՛ըսէր երանելի Փիթրօ Ճորճօ Ֆրասսաթին։

Սէրը`ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, կը կառուցուի երկխօսութեան մէջ, սէրը զոհաբերում է ու ասոր համար հարկաւոր է հիմնական որոշումներ առնել այդ ուղղութեամբ։ ''Սէրը կը յարգէ անհատները ու զանոնք չօգտագործեր անձնական քմահաճոյքին համար''­, յարեց ապա Քահանայապետը հրաւիրելով երիտասարդները ողջախոհութիւնը ապրելու։ Ան ապա յորդորեց զանոնք չի յուսալքուելու` հակառակ դժուարութիւններուն որոնց առջեւ կը գտնուին եւ մասնիկ - մասնիկ տեղի ունեցած համաշխարհային պատերազմի երեւոյթին ու ի տես այն կառավարիչներուն որոնք իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն ու սակայն զինավաճառութեամբ կը զբաղին։ Կեղծաւորութիւնըմը որ յայտնուեցաւ նաեւ Պետութիւններու անտարբերութեան կեցուածքով, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ակնարկելով 20-րդ դարու սկիզբը Հայ Ազգին  դէմ գործադրուած 1915-ի ողջակիզումին ու միլիոնաւոր մարդոց զոհաբերումին։ Ո՞ւր էին մեծ պետութիւնները հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։  Ո՞ւր էին անոնք երբ մի քանի տասնեակ տարիներ ետք տեղի ունեցաւ նաեւ Հրեաներու ողջակիզումը։ Անոնք տեղեակ էին պատահածէն, սակայն իրենց աչքերը փակեցին ու իրենց ականջները խփեցին ու հայեացքնին դարձուցին այլուր, այդ անձերը նկատելով երկրորդ դասակարգի անհատներ։

Ֆրանչիսկոս Պապը, խօսքը եզրափակեց հայցելով Սուրբերու բարեխօսութիւնը ու մանաւանդ Երկնային ու քնքուշ Մօր հովանին, ու խրախուսեց երիտասարդները չվհատելու ու յառաջ ընթանալու քաջութեամբ ու իրենց քաղաքի սուրբերու օրինակով։








All the contents on this site are copyrighted ©.